«ՀԱՅ ԼՐԱԳՐՈՂԻՆ ԳՐԻՉԸ Ի ՆՊԱՍՏ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԻՂՁԵՐՈՒՆ ԵՒ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ, Ի ՆՊԱՍՏ ՀԱՅՈՑ...

«ՀԱՅ ԼՐԱԳՐՈՂԻՆ ԳՐԻՉԸ Ի ՆՊԱՍՏ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԻՂՁԵՐՈՒՆ ԵՒ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ, Ի ՆՊԱՍՏ ՀԱՅՈՑ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԶՕՐԱՑՄԱՆ ՊԻՏԻ ԳՈՐԾԷ» «ԱԶԴԱԿ»-ԻՆ ԸՍԱՒ ՆԱՂԱՇ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

1802

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան եւ ԵՊՀ գործակցութեամբ իրականացուող «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի հինգ ուղղութիւններէն մէկը երիտասարդ լրագրողներու վերապատրաստման  ուղղութիւնն է, որուն ամէն տարի կը մասնակցին սփիւռքի տարբեր գաղութներէն եկած հեռուստալրագրողներ, ռատիոլրագրողներ եւ տպագիր մամուլի աշխատակիցներ:

Այս առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ ԵՊՀ լրագրութեան բաժանմունքի տնօրէն Նաղաշ Մարտիրոսեանին հետ` լրագրութեան ներկայ հիմնախնդիրներուն եւ այս ծիրին մէջ Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան անդրադառնալու նպատակով:

«ԱԶԴԱԿ».- «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի ուղղութիւններուն մէջ երիտասարդ լրագրողներու դասընթացքը ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ:

ՆԱՂԱՇ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ.- Նպատակը շատ ազնիւ է եւ քանի մը խնդիր կը լուծէ, բայց առաջին հերթին պիտի արձանագրեմ, որ լրագրողներու վերապատրաստման գործը կարեւորներէն մէկն է այն առումով, որ մամուլը սփիւռքի մէջ ոչ միայն տեղեկատուական գործառոյթ կ՛իրականացնէ, այլեւ` ընկերային-դաստիարակչական, կրթական ու մշակութային, եւ այդ մամուլի պատասխանատուները, այդ մամուլը ներկայացնող լրագրողները պէտք է պատրաստ ըլլան բոլոր այն դժուարութիւններուն, բոլոր այն մարտահրաւէրներուն, որոնց առջեւ կանգնած է հայատառ մամուլը սփիւռքի մէջ: Մենք սփիւռքի մէջ 20-րդ դարու ամբողջ ընթացքին, աւելի շատ` 1930-40-ական թուականներէն ի վեր, հզօր մամուլ ունեցած ենք ե՛ւ Մերձաւոր ու Միջին Արեւելքի, ե՛ւ Միացեալ Նահանգներուն, ե՛ւ եւրոպական երկիրներուն մէջ: Այդ մամուլը ինչ-որ չափով տեղի տուած է, նահանջած է, եւ այդ պայմանաւորուած է ոչ միայն այն հանգամանքով, որ այսօր տպագիր մամուլը լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ է ողջ աշխարհին մէջ, անկախ անկէ, որ հայատառ է, անգլիատառ կամ ռուսատառ, համացանցի գոյութեամբ տպագիր մամուլը լուրջ խնդիրներու առջեւ կանգնած է: Միւս խնդիրը` համացանցէն գուցէ աւելի մտահոգիչ, հայատառ տպագիր մամուլին համար այն է, որ սփիւռքի մէջ կը պակսի հայերէն կարդացողներուն թիւը. օրինակ` «Հայրենիք» օրաթերթը, որ յետոյ շաբաթաթերթ դարձաւ Պոսթընի մէջ. «Հայրենիք»-ի խմբագրատուն տարիներ առաջ իմ հանդիպումէս ետք ես շատ մտահոգ էի, որ խմբագիրը կ՛ըսէ, թէ` կը պակսին ընթերցողներուն թիւը, թէ` երիտասարդութիւնը հայերէն չի կարդար, կը կարդայ աւագ ու միջին սերունդը, վաղը կը կարդայ միայն աւագ սերունդը: «Հայրենիք»-ը նաեւ անգլերէն հրատարակուելու խնդիր ունի: Մենք մամուլը պիտի դիտարկենք նաեւ այս տեսանկիւնէն` մամուլը իբրեւ հայապահպանման գործօն, մամուլը իբրեւ համախմբող գործօն, մամուլը իբրեւ մեր ազգային նպատակները, իղձերը եւ երազանքները ներկայացնելու անփոխարինելի հարթակ: Այս խնդիրներու լուծման ճանապարհին սփիւռքի այս կամ այն լրատուամիջոցներուն մէջ աշխատող լրագրողը քանի մը տարին անգամ մը պէտք է վերապատրաստում անցնի հայրենիքին մէջ յատկապէս քանի մը ուղղութիւններով` հայ-ազրպէյճանական հակամարտութիւն, Արցախի անվտանգութեան կարգաւորման խնդիրներ, հայ-թրքական առնչութիւններ, համահայկական ծրագիրներ ու նպատակներ եւ այլն: Այս բոլորին մասին լրագրողը ուրիշ որտեղ, եթէ ոչ հայրենիքի մէջ, եթէ ոչ հայրենի մասնագէտներու մասնակցութեամբ պիտի իմանայ: Ահա տարբեր մտահոգութիւններէն առանձնացուցի քանի մը հատը, որոնցմով պայմանաւորուած սկսաւ լրագրողներու վերապատրաստման այս ծրագիրը` ի թիւս մանկավարժներուն եւ առաջնորդներուն: Յատուկ շնորհակալութիւն պէտք է յայտնել սփիւռքի նախարարութեան եւ անձամբ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին, որ 2010 թուականին Արցախի սրտին, Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ  Լրագրողներու 5-րդ համահայկական համաժողովին ժամանակ յայտարարեց, որ պէտք է եկող տարիէն սկսի լրագրողներու վերապատրաստման ծրագիրը: Շնորհակալութիւն պէտք է յայտնել նաեւ ԵՊՀ-ին` ի դէմս համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեանին, որ ամէն ինչ ըրաւ, որ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցը հանգրուանէ մայր համալսարանի կամարներուն ներքեւ: Ի դէպ, մայր համալսարանը ընդամէնը երկու տարիէն կը բոլորէ իր գոյութեան 100-ամեակը: Համալսարանը սրբազան այն տաճարն է, որուն գոյութեամբ կ՛իմաստաւորուին նաեւ մեր մշակոյթը, մեր գոյութիւնը եւ մեր վաղուան օրը:

«Ա.».- Խօսինք ԵՊՀ-ին մէջ սփիւռքահայերու ուսանելու կարելիութեան մասին:

Ն. Մ.- Ես միշտ համոզուած եմ, որ սփիւռքի ներկայացուցիչները, սփիւռքի պայծառ, լուսաւոր երիտասարդութիւնը, որ իր ակունքներուն, իր արմատներուն դեռ հաւատարիմ է կամ հաւատարիմ ըլլալու մասին կը մտածէ, իր գոյութեամբ իր միջավայրն ու շրջապատը հայ պիտի մնան: ԵՊՀ-ին մէջ սփիւռքէն ուսանելու ցանկութիւն ունեցողները քիչ են, եւ այս մէկը մտահոգիչ երեւոյթ է. օրինակ` Սուրիայէն քանի մը ուսանող ունինք, ունինք մէկ ուսանող Յորդանանէն, իսկ հեռակայ կարգով մէկ ուսանող ալ` Փարիզէն. ընդամէնը` 3-4 ուսանող, որ քիչ է: Ես կը կարծեմ, որ մամուլին կամ տարբեր լրատուամիջոցներուն միջոցով պէտք է կազմակերպել այս գործը: Վստահ եմ նաեւ, որ սփիւռքի մէջ կը գտնուին մարդիկ, որոնք կը հովանաւորեն եւ կը ֆինանսաւորեն ուսանողներու ուսման ընթացքն ու կեցութիւնը: Այս մէկը ի նպաստ համալսարանին, ի նպաստ հայրենիքին եւ երիտասարդին կ՛ըլլայ, որովհետեւ կրթութեան համար դրուած գումարը, կրթութեան համար ծախսուած միջոցները հազարապատիկ կը վերադարձուին, իսկ երիտասարդը, որ կրթութիւն ստացաւ իր հայրենիքին մէջ ու վերադարձաւ այն համայնքը, որուն ներկայացուցիչն է ինք, իր գոյութեամբ ու ներկայութեամբ այդ տարածքին մէջ ի՜նչ լուսաւոր գաղափարներ կրնան կեանքի կոչուիլ:

«Ա.».- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք հայրենի լրատուամիջոցներուն համագործակցութիւնը սփիւռքեան լրատուամիջոցներուն հետ:

Ն. Մ.- Եթէ միանշանակ ըսեմ, որ շատ լաւ կը գնահատեմ կամ լաւ չեմ գնահատեր, իրատեսական չ՛ըլլար: Գիտեմ, որ հայրենի լրատուամիջոցները լսարան պահելու, լսարան նուաճելու խնդիր ունին եւ հիմնականին մէջ կը գրեն ու կը խօսին այն բոլոր բաներուն մասին, որոնք կրնան ընթերցող բերել, որոնք կրնան հեռուստադիտող եւ ունկնդիր բերել: Այնպէս չէ, որ սփիւռքն ու սփիւռքի առօրեան չկան մեր մամուլին մէջ, կան, բայց` քիչ, թէեւ արժանին պիտի մատուցել Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան եւ Հայաստանի Հանրային ռատիոյին: Յայտնեմ, որ Հայաստանի Հանրային ռատիոն ունի «Կամուրջ» ծրագիրը, որուն կարգախօսը ինծի շատ հոգեհարազատ է` «Հաւատով կամրջենք սփիւռքը հայրենիքին»: Հայրենի լրատուամիջոցները այս խնդիրը պիտի լուծեն ու հաւատով կամրջեն սփիւռքը Հայաստանին: Հայրենիքը պիտի հաւատայ սփիւռքի ներուժին եւ այս երկուքի հզօր միասնութեամբ պիտի ծնի հայոց ամբողջականութիւնը, որովհետեւ հայրենիքի եւ սփիւռքի միասնութեամբ է, որ մեր ուժը եւ անպարտելիութիւնը պիտի իմաստաւորուին: Ես համոզուած եմ, որ այս առումով լրատուամիջոցները դեռ շատ ընելիք ունին:

«Ա.».- Ի՞նչ կը մտածէք Հայաստանի եւ սփիւռքի լրագրողական դաշտի պատրաստուածութեան մասին:

Ն. Մ.- Խօսելով սփիւռքի լրագրողական դաշտին մասին` պիտի ըսեմ, որ կան լրատուամիջոցներ, լրագրողներ, որոնք իրենց գործի մասնագէտներն ու վարպետներն են: Կ՛ափսոսամ, որ անոնց թիւը առանձնապէս մեծ չէ: Երթալով` այդ թիւը նուազելու է հասկնալի առարկայական եւ ենթակայական պատճառներով: Հայրենիքի պարագային խնդիրը բարդ է: Վերջին 25 տարուան ընթացքին մեր լրատուադաշտը որոնումներու մէջ է. կայացման եւ ինքնահաստատման շրջափուլ կ՛անցնինք, որովհետեւ խորհրդայիններու օրով ստեղծուած մամուլը, լրագրողական դպրոցը այլեւս քննութիւն չեն բռներ, 1990 թուականէն ի վեր, ես կ՛ըսէի` նոյնիսկ 88 թուականէն ի վեր, այլեւս քննութիւն չեն բռներ: Ամէն բան նորովի ստեղծելու անհրաժեշտութիւն կայ: Ոմանք կը փառաբանեն խորհրդային դպրոցը:Գուցէ լաւ էր այդ դպրոցը, բայց խորհրդային իրականութեան համար էր: Խորհրդային իրականութեան համար ստեղծուած ամէնէն լաւ դպրոցը այսօրուան Հայաստանին պիտանի չէ: Այդպէս ալ խորհրդային մամուլի աւանդոյթները ոչինչով պիտանի են: 90-ականներէն ի վեր լրատուադաշտին մէջ յայտնուեցան տարբեր մասնագիտութիւններ, տարբեր արժեհամակարգ ու կրթութիւն ունեցող մարդիկ: Եկան եւ ստեղծեցին տարբեր լրատուամիջոցներ, ստեղծեցին տարբեր թերթեր, ամսագրեր, հեռուստաընկերութիւններ, իսկ մենք չունէինք այդքան մասնագէտներ: Բացուած լրատուամիջոցներուն մէջ յայտնուեցան մարդիկ, որոնք մասնագիտութեամբ, կոչումով եւ բնոյթով լրագրող չէին, եւ այդ ոչ արհեստավարժներու գոյութիւնը որոշ ձեւով աղճատեց ամբողջ պատկերը: Աստիճանաբար ջուրերը զուլալ կը դառնան, 25 տարին քիչ ժամանակ է որեւէ ոլորտի մէջ լուրջ արդիւնքներ արձանագրելու համար. աւանդութիւններ պէտք են, ճանապարհ պէտք է անցնիլ: Ահա կու գայ արհեստավարժներու ժամանակը, եւ սերունդը, որոնց մէջ, համոզուած եմ,  մեծ թիւ պիտի կազմեն նաեւ ԵՊՀ-ի լրագրութեան բաժանմունքի շրջանաւարտները, որոնց դէմքն ու դիմագիծը, ձեռագիրը ակնյայտ են առանձնապէս:

«Ա.».- Ձեր կարծիքով, յառաջիկային տպագիր մամուլը իր տեղը պիտի զիջի՞ համացանցային մամուլին:

Ն. Մ.- Այն ընթերցողը, որ խենթի պէս կը սիրէ տպագիր մամուլին բոյրը, դեռ պիտի շարունակէ թերթ գնել: Միաժամանակ համամիտ եմ բոլոր անոնց, որոնք կ՛ըսեն, թէ տպագիր մամուլը կը վերանայ, երբ մահանայ 20-րդ դարուն ծնած վերջին մարդը: Ամերիկեան տեսաբանները կ՛ըսեն, որ 21-րդ դարու 50-ական թուականներուն այլեւս տպագիր մամուլ գոյութիւն պիտի չունենայ, ոմանք կ՛ըսեն, թէ օրաթերթեր գոյութիւն պիտի չունենան, որովհետեւ համացանցային մամուլի պայմաններուն մէջ տպագիր մամուլի ներգործութեան մասին խօսիլը ժամանակավրէպ է: Յաջորդ օրը մինչեւ թերթը լոյս տեսնէ, ամէն վայրկեան տեղեկատուութիւնը կը թարմացուի, բայց ես համոզուած եմ, որ դեռ  երկար ժամանակ տպագիր մամուլի գոյութիւնը վայելելու երջանկութիւնը կ՛ունենանք եւ, անկախ անկէ, որ համաշխարհային թերթեր տպաքանակի որքան ալ նուազում ունենան, միեւնոյնն է, դեռ տպագիր մամուլը  կը շարունակէ իր գոյութիւնը:

«Ա.».- Որպէս լրագրութեան բաժանմունքի տնօրէն` ի՞նչ խորհուրդ կու տաք լրագրողական դաշտին մէջ աշխատանք ծաւալող լրագրողներուն կամ լրագրութիւն ուսանողներուն:

Ն. Մ.- Իմ ուսանողներուս հետ տարբեր թեմաներու մասին կը խօսիմ եւ միշտ անոնց կ՛ըսեմ. «Ես ձեզի խորհուրդ չեմ տար, ես ձեզ կը յորդորեմ: Դուք հաւատարիմ եղէք լրագրութեան բոլոր ոսկիէ կանոններուն, արդարամիտ եղէք, ճշմարտախօս եղէք: Փաստը համարեցէք լրագրութեան աստուածը եւ երբեք մի՛ խեղաթիւրէք փաստերը, մի՛ գրէք ձեր կարծիքները, այլ գրեցէք եղածին մասին, թող կարծիքը ինքը` ընթերցողը, հեռուստադիտողը կամ ունկնդիրը կազմէ»: Այս բոլոր կանոնները ըսելէն ետք կ՛ըսեմ նաեւ. «Երբեք չմոռնաք, որ դուք հայոց հայրենիքի զինուորն էք եւ պիտի չմոռնաք, որ ձեր գրիչը ի նպաստ հայութեան իղձերուն եւ նպատակներուն իրականացման պիտի գործէ, ի նպաստ հայոց պետականութեան հզօրացման պիտի գործէ, ի նպաստ Հայ դատի լուծման պիտի գործէ, եւ եթէ դուք ձեր գրիչ-զէնքը կը ծառայեցնէք ձեր ազգին, ձեր ժողովուրդին, պետութեան եւ համահաւաք ամբողջութեան թէ՛ հայրենիքի, թէ՛ սփիւռքի մէջ, ուրեմն կեցցէ՛ք, դուք ճիշդ ճանապարհ ընտրած էք»:

 

Սկզբնաղբյուրը՝ https://www.aztagdaily.com/archives/355454

Կիսվել